ԱՂՕԹՔ ՀՈԳԻԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ / AGHOTK HOKIYI KHAGHAGHOUTYAN
Автор: Vrouyr Demirjian
Загружено: 2020-06-08
Просмотров: 100581
Описание:
Written by
Vrouyr Demirjian
Վրոյր Տէմիրճեան
Read by
Mayda Tatoyan Movsessian
Մայտա Թադոյեան Մովսէսեան
ԱՂՕԹՔ ՀՈԳԻԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ
Հա՜յր Աստուած, Դուն երկայնամիտ եւ բազումողորմ ես։ Հա՜յր Աստուած, Դուն
երկնքի եւ երկրի Արարիչն ես։ Հա՜յր Աստուած, Դուն հրաշալի եւ սքանչելագործ ես։
Տէ՜ր իմ, Դուն բուժիչ բալասան ես եւ հոգիներու ապաստանարան։ Տէ՜ր իմ, Դուն անսկիզբ ու անվերջ ես եւ իմաստուն առաջնորդ ու հովուապետ։ Տէ՜ր իմ, Դուն անիմանալի լոյս ես եւ վերստին կեանք պարգեւող։ Այս հոգեպարար եւ Աստուածահամբոյր պահուն, ամբողջ էութեամբս կ՚երկրպագեմ Քու փառապանծ մեծութեանդ առջեւ։ Խոնարհաբար, շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն կ՚ուզեմ յայտնել Քեզի։ Դուն իմ Տէ՛րս ես եւ պաշտամունքի արժանի միակ ու յաւիտենական Թագաւորս։ Գիտեմ, որ միշտ հետս ես եւ զիս երբե՛ք չես լքեր, հակառակ անոր որ յաճախ իմ առօրեայ կեանքիս ժխորին մէջ կը մոռնամ Քեզի։ Գիտեմ,
որ Քու սէրդ առատօրէն կը հեղուս իմ վրաս եւ ինծի չարէն կը պաշտպանես։ Գիտեմ,
որ Բարի ես եւ միշտ լաւագոյնը կը ցանկաս ինծի։
Հակառակ մեղաւոր ըլլալուս, կ՚աղաչեմ Քեզի, որ միշտ ծառայիդ կողքին ըլլաս եւ իմաստութենէդ կա՛յծ մը շնորհես, որպէսզի Քեզմով գօտեպնդուած՝ իմ հաւատքի կեանքիս մէջ աւելի՛ զօրանամ։
Այս օրերուն, աշխարհի քաոսային կեանքը կը ճնշէ հոգիիս վրայ եւ զիս շփոթութեան մատնելով՝ կը տկարացնէ հողեղէն էութիւնս։ Խնդրանքս է, որ աշխարհին եւ մանաւանդ համատարած հայ ժողովուրդին խաղաղութիւն պարգեւես, Քու թեւերուդ հովանաւորութեանը տակ պահես եւ համբերութիւն պարգեւես՝ տոկալու ամէն տեսակի ցաւերու, տառապանքներու եւ նիւթական տագնապներու։ Յուսահատութիւնը թող չպատէ մեզ, այլ՝ յոյսով լեցուր մեր սիրտերը։ Կենաց Հացով ապրեցուր մեզ, որպէսզի ամէն օր ճաշակենք քաղցրութիւնդ եւ Քեզմով յագեցնենք մեր քաղցը ամենէն դառն օրերուն մէջ անգամ։ Դուն կարող ես մեզ պահել խաղաղ այս ալեկոծութեան մէջ։
Կ՚աղաչեմ Քեզ Տէ՜ր, ձերբազատէ մեզ ամէն տեսակի վախերէ, մտատանջումներէ եւ անորոշութենէ։ Մեր մտքերը, սրտերն ու հոգիները Քու վրադ կեդրոնացուր եւ լոյսովդ պայծառացուր, որպէսզի աշխարհի բոլոր պատահարներն ու հոն տիրապետող խաւարը մեր վրայ իշխանութիւն չունենան։
Յաւերժ պահէ ու պահպանէ մեզ Քու անսպառ շնորհքիդ եւ ամենազօր աջիդ հովանիին տակ։
Փառքը, պատիւն ու երկրպագութիւնը Քեզի կը վայելեն, յաւիտեանս։ Ամէն։
Повторяем попытку...
Доступные форматы для скачивания:
Скачать видео
-
Информация по загрузке: