Աստուած երբ որ տեսնայ սէրը, խոստում ունի զօրացնելու
Автор: ՍԱՀԱԿ Բ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ - Badriark Sahak II
Загружено: 2024-08-11
Просмотров: 4543
Описание:
Նորին Ամենապատուութիւնը եւ նախ անդրադարձաւ Կարօ Գաբրիէլեանի դէմ գործուած արարքին ու նման պարագաներուն՝ զգայնութեան հրաւիրեց ողջ համայնքը:
Մեր Հոգեւոր Պետը ծանրացաւ զօրակցութիւն բառին վրայ, որմէ մեկնելով բացատրեց օրուան սուրբգրական հատուածը: Յիշեցուց Պօղոս Առաքեալի խօսքը, ուր ան ողջ աստուածաբանութիւնը կը հիմնէր երեք պարզ հիմերու վրայ. հաւատք, յոյս եւ սէր: Պատրիարք Հայրը ապա պատմեց Աւետարանական հատուածը, որ անդամալոյծի մը տանիքը բանալով Յիսուսի բերուելու դէպքն էր: Այստեղ անդամալոյծին բարեկամները հաւատք ունէին, յոյս ունէին եւ սէր ունէին եւ Յիսուս տեսաւ այս բոլորը:
Նորին Ամենապատուութիւնը դասեր քաղելով աւանդեց հաւատացեալներուն: Սիրող, լաւ բարեկամներ ունենալ խրատեց մեր Հոգեւոր Պետը: Ապա հանգամանօրէն խօսեցաւ սիրոյ եւ անոր տեսակներուն մասին: «Եւ Աստուած խոստում ունի սէրը զօրացնելու» ըսաւ Պատրիարք Հայրը:
Повторяем попытку...
Доступные форматы для скачивания:
Скачать видео
-
Информация по загрузке: